Օրին եւ տարիներ շարունակ ինչե՜ր չգրուեցան ու չերգուեցան Լիզպոնի հինգին մասին: Յատկապէս սփիւռքահայութեան համար անոնք դարձան Հայ դատի կենդանի յուշարարներ, ներշնչումի աղբիւր, թափանցեցին իրերայաջորդ սերունդներու հոգիին ու մտքին մէջ, արժանացան երիտասարդական փաղանգներու սիրոյն ու խանդին, եւ անոնց սրբազան գերեզմանները վերածուեցան կտոր մը հայրենիքի, ուխտատեղիի, ուր ժողովուրդ մը համակ, ամէն տարի կու գայ իր յարգանքի ու հիացմունքի տուրքը մատուցելու, ուխտելու, վերանորոգուելու, արիանալու եւ վերահայանալու:
Link to this comment:
All Comments (0)